2013-08-29 10:09:48

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` Բացատրուած Երիտասարդներուն


Զրոյց յիսուներեքերորդ– Ինչպէ՞ս կը կատարենք Քրիստոսի խորհուրդները - 3
Հարցում թիւ 189. Արդեօ՞ք հարկաւոր է ծիսակատարութեան համար տեղեր ունենալ։
Իր յաղթանակի ուժով` Քրիստոս ներկայ է աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ։ Աստուծոյ պաշտամունքը, հոգւով եւ ճշմարտութեամբ, (Յովհաննէս, 4,24) այլեւս կապուած չէ յատուկ տեղի մը, որով Քրիստոս ինքն է ճշմարիտ տաճարն Աստուծոյ։ Սակայն քրիստոնեայ աշխարհին մէջ սփռուած են եկեղեցիներն ու սրբատեղիները, որովհետեւ մարդկութիւնը պէտք ունի տեսանելի վայրերու` իրար հանդիպելու համար, ինչպէս նաեւ նշաններու որոնք կը յիշեցնեն նոր իրականութիւնը։ Ամէն եկեղեցի պատկեր մըն է երկնաւոր Հօր տան, որուն կը ձգտինք ամէնքս։
Ճիշդ է որ ամէն տեղ կարելի է աղօթել, անտառին մէջ, ծովեզերքը, անկողնին մէջ… սակայն մենք զուտ հոգիներ չենք. Որպէս մարդկային էակներ, ունինք մարմին, հարկ է որ տեսնենք զիրար, լսենք իրարու, զգանք իրարու ներկայութիւնը. Պէտք ունինք շօշափելի տեղի մը որպէսզի հանդիպինք իրարու, կազմելու համար միասին Յիսուսի Մարմինը. Հարկ է որ ծնրադրենք, պաշտելու համար զԱստուած. Պէտք է ուտենք սրբագործուած մարմինը հոն ուր մեզի կ՛ընծայուի. Պէտք է ճամբայ ելլենք մեր մարմնով երբ Ան մեզ կը կանչէ։ Եւ ճամբու մը եզերքին դրուած խաչքար մը մեզի կը յիշեցնէ թէ որուն կը պատկանի աշխարհը եւ թէ դէպի ուր կ՛երթանք։
Հարցում թիւ 190. Ի՞նչ է քրիստոնեայ եկեղեցին։
Քրիստոնեայ եկեղեցին խորհրդանիշն է հասարակութեան հաւաքոյթին որոշեալ տեղի մը մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդանիշն է երկնաւոր բնակարանին զոր Աստուած պատրաստած է մեզի համար։ Եկեղեցի կը մտնենք աղօթելու համար, թէ՛ հասարակութեամբ, թէ՛ առանձնապէս, բայց նաեւ խորհուրդները ծիսակատարելու համար, եւ յատկապէս Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը։
ՙԱյստեղ կը զգանք երկինքը՚ ­ ՙԱյստեղ լռութիւն կը պահենք եւ յարգալից ենք՚։ Շատ մը եկեղեցիներ մեզ տարրացիօրէն կը յափշտակեն իրենց անխոնջ աղօթքի մթնոլորտով։ Կը զգանք թէ Աստուած իրապէս ներկայ է։ Եկեղեցիներու գեղեցկութիւնը կը յիշեցնէ Աստուծոյ սիրոյն գեղեցկութիւնն ու մեծութիւնը։ Եկեղեցիները լոկ քարաշէն շէնքեր չեն, պատգամակիրներ մարդոց հաւատքին. Անոնք նմանապէս Աստուծոյ տուներն են, հոն ուր իրապէս Ան ներկայ է Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի միջոցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.